Բավ է պառակտվել
18-04-2015 12:35

Ցեղասպանության պատճառը հայերի քրիստոնյա լինելը չէր. Արամ Ա

Իր վերջին Վատիկան այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցող պաշտօնական ընդունելութեան մը ժամանակ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ Vatican Insider կայքէջի տնօրէնին՝ Ճիաննի Վալէնթէի հետ: Յիշեալ կայքէջը Վատիկանի ամէնէն հեղինակաւոր եւ վստահելի լրատուութեան աղբիւրներէն մէկն է՝ իր ունեցած հարցազրոյցներով, հայթայթած առարկայական տուեալներով ու ճշգրիտ տեղեկութիւններով:  Նորին Սուրբ Օծութեան հետ Vatican Insider-ի ունեցած հարցազրոյցը շոշափեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Սրբազան Քահանայապետին կատարած յայտարարութիւնը եւ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներն ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ Արեւմուտքի մօտեցումը յիշեալ հարցերուն: Անդրադառնալով մասնաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան տուն տուող պատճառներուն, Վեհափառ Հայրապետը մերժեց որեւէ մօտեցում կամ մեկնաբանութիւն, որ կը փորձէ ցեղասպանութեան ետին տեսնել կրօնական պատճառ: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Պատմական տուեալները ու նոյնիսկ թրքական աղբիւրները յստակօրէն ցոյց կու տան թէ հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ քաղաքական իշխանութիւնը ձեռք ձգած Երիտասարդ Թուրքերու Բանթուրանական քաղաքականութեան մաս կը կազմէր: Յիշեալ քաղաքականութեան նպատակն էր Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ թրքական մշակոյթին ու ցեղին պատկանող ժողովուրդները միացնելն էր Բանթուրանական համապարփակ կայսրութեան մը սահմաններէն ներս: Այս ծրագրի իրագործման մէջ արգելք էր հայ ժողովուրդը, որ Կիլիկիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մէջ (որոնք արդէն մաս կը կազմէին Օսմանեան կայսրութեան) երկար դարերու պատմութիւն ունէր եւ լաւապէս կազմակերպուած ներկայութիւն էր: Հայերը շրջանէն արմատախիլ ընելու միակ արմատական միջոցը ցեղասպանութիւնն էր: Ցեղասպանութիւնը կատարուեցաւ երեք հանգրուաններով. ա) Հայ ժողովուրդի ազգային ու կրօնական ղեկավարներու սպանութիւնը կամ բանտարկութիւնը. բ) Կազմակերպուած ջարդեր հայահոծ շրջաններու մէջ. գ) Տեղահանութիւն ու աքսոր դէպի Տէր Զօրի անապատները, որպէսզի հոն հիւծի ու մեռնի հայ ժողովուրդը»:

Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ այս բոլորը ենթադրութիւն ու երեւակայութիւն չեն, այլ պատմական իրողութիւն են եւ աւելցուց. «Թուրքիոյ ղեկավարները այսօր յատուկ ճիգ կը թափեն կրօնական ազդակ տեսնել հայ ժողովուրդի արդարութեան պահանջքին մէջ: Մեծապէս դատապարտելի են նման մօտեցումները: Թուրքիոյ նկատմամբ հայ ժողովուրդին պահանջքը արդարութեան պահանջք է, այլ խօսքով՝ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութեան ճանաչում եւ իրաւունքներու հատուցում է: Մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան մէջ ո՛չ մէկ կրօնական խնդիր կամ մօտեցում գոյութիւն ունի: Արդարեւ, 7-րդ դարէն սկսեալ եւ մինչեւ օրս փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ գոյակցած ենք իսլամութեան հետ եւ պիտի շարունակենք»: Նոյն հարցազրոյցին մէջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց անգամ մը եւս Ֆրանչիսկոս Պապին քաջ կեցուածքը ըսելով. «Եկեղեցին արդարութեան ձայնն է ու ժողովուրդին կամքը կը ներկայացնէ, հեռու ամէն տեսակ քաղաքական հաշիւներէ ու աշխարհաքաղաքական մօտեցումներէ ու հեռանկարներէ»: